2015-10-21 12:31:00

Գերապայծառ Կալլակըր` “Խաղաղութիւնը միշտ կարելի է, որովհետեւ Աստուծմով ամէն ինչ կարելի է”։


(Ռատիօ Վատիկան) Վերջին տարիներուն այսպէս կոչուած “արաբական գարնան” եւ Միջին Արեւելքի հակամարտութիւններուն պատճառաւ գաղթականութեան հոսքը դէպի արեւմուտք՝ Եւրոպական երկիրները կը դնեն նոր հարցականներու եւ խնդիրներու առաջ։ Տարւոյս հոկտեմբերի 18-20, Աթէնքի մէջ կայացաւ համագումար մը, ուր 19 հոկտեմբերին Սուրբ Աթոռի կողմէ ելոյթ ունեցաւ Արքեպիսկոպոս Փոլ Կալլակըր, Քարտուղար Սուրբ Աթոռի եւ Պետութիւններու յարաբերութիւններու բաժանմունքին։ Ան յիշեց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետի՝ 1997ին Լիբանանի տուած այցելութեան առիթով կատարած յայտարարութիւնը՝ թէ “Լիբանանը աւելի է քան լոկ երկիր մը, ան պատգամ մըն է”։ Հակառակ դժուարութիւններու, ըսած է Գերպ. Կալլկըր, Լիբանան ցարդ կը շարունակէ իր վկայութեամբ պատգամել, թէ հասարակաց բարիքը կը պահանջէ բոլորին մասնակցութիւնը եւ համագործակցութիւնը. պատգամել, թէ ներդաշնակութիւնը եւ խաղաղ համակեցութիւնը հիմնուած են իւրաքանչիւր մարդկային էակի յատուկ արժանապատուութեան յարգանքին վրայ։ Լիբանանը կրնայ օրինակ դառնալ ամբողջ Միջին Արեւելքի ապագային համար։

Գերպ. Կալլակըր, իր պատգամին մէջ ուշադրութեան յանձնած է երկու հիմնական կէտեր, որոնց մէջ ընդգծած է “յարգանք՝ մարդկային եւ յատկապէս կրօնքի եւ խղճի ազատութեան իրաւունքներու” եւ “խթանում՝ ժողովրդավարական մշակոյթի”։

Մարդկային, եւ յատկապէս կրօնական ու խղճի ազատութեան իրաւունքի յարգանքը, ամենէն ազդու ռազմավարութիւնն է հետապնդելու հասարակաց բարիքը։ Ան՝ Միջին Արեւելքի ընկերութեան բազմաշերտ կազմուածքին ներդաշնակութեան եւ յարգանքի հիմը կը կազմէ։ Կրօնքը՝ իր արժէքներով, ընկերային կազմուածքի հիմնական տարրերէն մին է։ Կրօնական ազատութիւնը մարդկային յատուկ իրաւունք մըն է, եւ բնաւ անյարիր չէ ընկերութիւնը հասարակաց քաղաքացիութեան վրայ կառուցելու գործընթացին. ընդհակառակը՝ անընդունելի է, որ հաւատացեալ անհատներ, անջատուելու համար իրենց հաւատքէն, պէտք է ճնշեն իրենց անձի մէկ մասը, իրենց հաւատքը, որպէսզի ըլլան գործունեայ քաղաքացիներ։ Արաբական աշխարհի մէջ քրիստոնեաները պատրաստ են կատարելու իրենց քաղաքացիական պարտականութիւնները՝ իրենց մահմետական համաքաղաքացիներու կողքին՝ կառուցելու ընկերութիւն մը, որ յարգէ բոլոր քաղաքացիներու մարդկային իրաւունքները։

Գերպ. Կալլակըր ապա շեշտեց՝ թէ “հարկաւոր է, որ ժողովրդավարութեան գործադրումը չսահմանափակուի լոկ ընտրութիւններու կատարումին մէջ, այլ հասկցուի իբր զարգացում եւ խթանում ժողովրդավարական մշակոյթի մը, որ կը ներգրաւէ իրաւունքի վիճակի զարգացումը, ուր բոլորը հաւասար են օրէնքի առջեւ. հարկաւոր է իրականացնել պետական հիմնարկներ, որոնք տրամադրելի ըլլան բոլոր քաղաքացիներու ծառայութեան”։ Իբր առաջին քայլ հարկաւոր է ժողովրդավարական ընտրութիւններու կատարումը։ Սակայն վտանգ կը սպառնայ, որ ժողովրդավարութիւնը արդարացնէ ծայրայեղական եւ արմատական գաղափարախօսութիւններ, որոնք էական սպառնալիք մը կը ներկայացնեն՝ ոչ միայն տարածաշրջանի կրօնական փոքրամասնութիւններուն, ինչպէս քրիստոնեաներուն, այլ նաեւ արաբական աշխարհի մահմետական մեծամասնութեան, որոնք կը փնտռեն ժողովրդավարական հաստատութիւններ, հիմնուած քաղաքացիական եւ յատկապէս կրօնական պատկանելիութեան մասնակցութեան վրայ։ “Ժողովրդավարական մշակոյթի” մը զարգացումը կը կարօտի ժամանակի, ջանքի, համբերութեան եւ քաղաքացիական դաստիարակութեան։ Կը պահանջէ նաեւ քաղաքական եւ կրօնական ղեկավարներու ջանքերը, հասնելու համար հիմնական իրաւունքներու յարգանքին, յատկապէս կրօնական փոքրամասնութիւններու համար։ “Ժողովրդավարական մշակոյթի” մը զարգացումէն ալ անդին, հարկաւոր է դիմագրաւել գործազրկութեան եւ զանգուածներու տնտեսական անբարենպաստ պայմաններու իրական եւ շօշափելի խնդիրները։

Գերպ. Կալլակըր, իր խօսքերուն մէջ անդրադարձաւ Ֆրանչիսկոս եւ Բենեդիկտոս ԺԶ. քահանայապետերու ուսուցման պատգամներուն եւ յորդորներուն, որոնք միշտ շեշտած են մարդկային իրաւունքներու հարկաւորութեան վրայ՝ կարենալ հասնելու համապարփակ խաղաղութեան։

Իր խօսքի աւարտին Գերպ. Կալլակըր անդրադարձաւ միջկրօնական երկխօսութեան անհրաժեշտութեան, յիշեցնելով, որ նաեւ քաղաքական ղեկավարներ պէտք է այսպիսի երկխօսութիւններու առիթները եւ վայրերը ստեղծեն։ Ան գնահատանքով յիշեց վերջին տարիներուն այս ուղղութեամբ կատարուած նախաձեռնութիւնները եւ եզրափակեց ըսելով՝ “Խաղաղութիւնը միշտ կարելի է, որովհետեւ Աստուծմով ամէն ինչ կարելի է, եւ Աստուած է  մեր խաղաղութիւնը”։








All the contents on this site are copyrighted ©.